Home ՍՓԻՒՌՔ Քէմբ Արմէն Ճամբարի Ապագայի Ծրագրում

Քէմբ Արմէն Ճամբարի Ապագայի Ծրագրում

by MassisPost

Յուլիսի առաջին օրերուն Երեւան կը գտնուէին Իսթանպուլի Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Քէմբ Արմէն» Ճամբարի Շինարարական եւ Վերականգման Աշխատանքներու Յանձնախումբի անդամներէն  Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու՝  Կէտիկ Փաշա թաղամասի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի հոգեւոր հովիւ, Տելալ Տինք՝  «Հրանդ Տինք» Հիմնադրամի պատասխանատու աշխատող, ճարտարագէտ Նազարէթ Բինաթլը, ճարտարապետներ Ալին Փոնթիօղլուն, Ժան Գավրիլովը եւ բարերարներ Յարութ և Դարալ Խորոզօղլուները։

Անոնք Երեւան եկած էին ծանօթանալու տեղւոյն մանկա-պատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու աշխատանքներուն եւ սերտելու օգտակար կարգաւորումներ: Այս բոլորը՝ «Քէմբ Արմէն» Ճամբարին մէջ Հայ երեխաներու եւ պատանիներու ամառնային հանգիստին համար կազմակերպուելիք ծրագիրներուն մէջ՝ անոնց ստեղծագործական մտածողութիւններու եւ գեղարուեստական ընդունակութիւններու զարգացման համար։

Հիւրերը պաշտօնապէս հանդիպում ունեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Հակոբեանի հետ։ Նախարարը ողջունելով զիրենք իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ամբողջ Պոլսահայութեան՝ իրենց ազգային ինքնութեան հաւատարիմ մնալուն եւ ինչպես որպէս Հայ ապրելու իրենց օրինակ ծառայելուն համար։ Հանդիպման ընթացքին Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիի յարկին տակ գործող Հայաստանցի երեխաներու դպրոցին: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Վերապատուելի Աղապալօղլուին՝ իր ուշադիր եւ սրտացաւ վերաբերմունքին համար, ինչպէս նաեւ դպրոցի հովանաւորներ Յարութ և Դալար Խորոզօղլուներուն՝  իրենց նիւթական աջակցութեան համար:

Camp-Armen2Ապա անոնք այցելեցին «Թումօ» Ստեղծագործական Կեդրոնը եւ ծանօթացան տեղւոյն հմուտ մանկավարժներու եւ գիտարուեստական մասնագէտներու ուսուցողական ծրագիրներուն եւ Կեդրոնի ընդհանուր աշխատանքներուն։ Հիւրերը այցելեցին նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Նոր Նորքի «Շող» Ցերեկային Կեդրոնը եւ ծանօթացան հոն յաճախող սոցիալապէս հարցեր ունեցող ընտանիքներու երեխաներու դաստիարակչական գործունէութեամբ։ Անոնք նաեւ զրուցեցին Կեդրոնի ուսուցիչներուն, ընկերային գործիչին եւ հոգեբանին հետ ծանօթացնելով անոնց Իսթանպուլի մէջ իրականացուող երեխաներու յատուկ իրենց տարած բոլոր աշխատանքները։

Վեր. Աղապալօղլու պատմեց թէ ինչ դժուրութիւններէ ետք «Քէմբ Արմէն»ը վերադարձուեցաւ անոր սեփական տիրոջ՝ Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այդ պայքարի պատնէշի վրայ բոլոր գտնուողներուն:

«ԱՀԱԸ-ը՝ աջակցութեան յանձնառութեամբ, կ՚ողջունէ Իսթանպուլի մէջ համայնքային ջանքերով կատարուած ‘Քէմբ Արմէն’ի աշխատանքները» ըսաւ ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան։ «Մեր փափաքն է տեսնել խոնարհ հերոս Հրանդ Կիւզէլեանի առաքելութեան եւ Հրանդ Տինքի թողած աւանդին վերաբորբոքումը ‘Քէմբ Արմէն’ յաճախող Հայ երեխաներու եւ պատանիներու նոր սերունդին մէջ։ Թող ‘Մնացորդացի Տունդարձ’ը ուժգնութեամբ շարունակուի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment