Պատմութեան կ’անցնի 2011 տարին ու երկրագունդը ու անոր բնակիչները նոր տարին կը դիմաւորեն նոր յոյսերով ու ակնկալիքներով, մաղթելով որ տարին իր հետ բերէ աւելի նպաստաւոր պայմաններ ու երկիրներ եւ ժողովուրդներ կարողանան իրար միջեւ ապահովել առաւել խաղաղ գ•ոյակցութիւն մը, յօգուտ մարդկութեան ու անոր ապագային:

2011 տարին յատկանշուեցաւ արաբական աշխարհէն ծայր առած բողոքի ալիքով, որ եկաւ տապալելու երկարամեայ իշխանաւորներ, որոնք ցարդ կը նկատուէին անփոխարինելի: Բողոքի շարժումները սակայն, ճամբայ հարթեցին կրօնական շարժումներու յառաջխաղացքին, որ կը մտահոգէ ժողովրդավարութեան ու մարդկային ազատութիւններու համար պայքարող երիտասարդութիւնը:

Բողոքի շարժումը հասաւ նաեւ արեւմտեան երկիրներ, ուր տնտեսական շարունակուող ճգնաժամը սկսած է խորացնել դասակարգերու միջեւ •գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնը: Այս բոլորի պատասխանատուն նկատուող՝ միջազգային ֆինանսական հաստատութիւններուն ու դրամատուներուն դէմ է որ ուղղուած են բողոքի այս շարժումները:

Տնտեսական իրարյաջորդ տագնապները սնանկութեան եզրին հասցուցին նաեւ եւրոպական շատ մը երկիրներ, նոյնիսկ վտանգելով Եւրոպական Միութեան •գոյութիւնը:

Անցնող տարուայ ընթացքին հայ ժողովուրդը նշեց Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակը: Հպարտառիթ այդ տօնը սակայն, չկարողացաւ վերածուիլ համազգային ցնծութեան: Հայրենիքէն ներս տիրող ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական ոչ այնքան բարենպաստ պայմանները յուսալքութեան մատնած են մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք, անկախութենէն քսան տարի ետք, կ’ուզէին տեսնել առաւել կայացած երկիր մը: Անգործութիւնը, տնտեսական անհաւասար պայմանները, ժողովրդավարութեան ու արդարադատութեան բացակայութիւնը կը մղեն շատերուն՝ իրենց ապա•ան փնտռելու այլ երկնակամարներու տակ: Արտա•աղթը հասած է աղետալի աստիճանի, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները բաւարար միջոցներ չեն •գործադրէր՝ կասեցնելու արտահոսքի աղետաբեր երեւոյթը:

Արցախը շարունակեց մնալ Հայութեան ուշադրութեան կեդրոնը, արժանանալով մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներու հոգատարութեան: Միջազգային միջնորդները, չկարողացան հասնիլ ցանկալի խաղաղութեան, Ատրպէյճանի վարած ռազմատենչ քաղաքականութեան պատճառաւ: Իսկ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զլացուեցաւ իր արժանի տեղը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

2012 տարուայ ընթացքին Հայաստանի Ժողովուրդը անգամ մը եւս առիթ պիտի ունենայ ներկայանալու քուէատուփ՝ ընտրելու համար իր Ազգային Ժողովի նոր պատգամաւորները: Իշխանութիւններու ուսին կ’իյնայ վերականգնելու ժողովուրդի հաւատքը իր երկրի նկատմամբ, կազմակերպելով իսկապէս ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ ու առիթ տալով, որ ծնունդ առնէ ժողովուրդի բոլոր խաւերը ներկայացնող խորհրդարան մը: Այլապէս, ականատես կրնանք դառնալ նոր ցնցումներու, նոր յուսախաբութիւններու ու երկրէն արտագաղթի նոր ալիքի մը:

Հայ-թրքական Արձանագրութիւններու երկուստեք սառեցումէն ետք, տարին փակուեցաւ Ֆրանսայի Խորհրդարանէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացումով: Գնահատելով հանդերձ Ֆրանսայի նախագահի եւ Ազգային Ժողովի այս քայլը, կը յուսանք որ, օրինագիծը շուտափոյթ կերպով կ՛ընդունուի նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ, ճանապարհ հարթելով անոր օրէնքի ոյժ ստանալուն: Մինչ այդ վաւերացումը, Հայաստանի ղեկավարներն ու հայ ժողովուրդը, նկատի առնելով անցեալի օրինակները, հեռու պէտք է մնան չափազանցուած ոգեւորութիւն ցուցաբերելէ:

2012 տարին կը հանդիսանայ նաեւ, 1887 թուականին հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած առաջին ազգային, քաղաքական ու յեղափոխական կուսակցութեան՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակի տարին: Իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Մայր Կուսակցութիւնը ծառայեց իր ժողովուրդին ու անոր ազգային ազատագրական պայքարի ճամբուն զոհաբերեց հազարաւոր նուիրեալներ։ Ան հաւատարիմ մնաց իր •աղափարախօսութեան ու դաւանած սկզբունքներուն եւ այսօր եւս ան կը շարունակէ կան•նած մնալ իր Հայրենիքի կողքին՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի տարածքին։

Յոբելինական այս տարին կոչուած է դառնալու առիթ, նոր սլացք տալու Կուսակցութեան կառոյցներուն եւ անոր հովանաւորութեան տակ գործող կազմակերպութիւններուն ու հաստատութիւններուն, որպէսզի անոնք, նոր թափ առնելով, շարունակեն իրենց ազգանուէր առաքելութիւնը:

Ամանորի սեմին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կու գայ վերահաստատելու իր հաւատքը առ այն, որ միայն Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ անքակտելի կապի ու ներդաշնակ համագործակցութեան միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել մեր ազգի առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Բոլորս միասին կոչուած ենք ընել մեր լաւագոյնը, որպէսզի Հայաստանը իրապէս դառնայ ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան ու ժողովրդավարութեան երկիր։ Այս է միակ ճանապարհը՝ ժողովուրդը իր հողին կառչած պահելու ու հայրենիքի բարգաւաճման համար։

Կը յուսանք, որ նոր տարին դառնայ աշխարհի համար խաղաղութեան տարի մը ու մեր հայրենիքը •գտնէ իր արժանի տեղը՝ յառաջադէմ երկիրներու շարքին, իր շուրջ համախմբելով աշխարհասփիւռ հայութիւնը:

Այս առթիւ Հայ ժողովուրդին կը մաղթենք յաջողութիւններով ու յաղթանակներով լեցուն տարի մր:

Ս.Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Դեկտեմբեր 30, 2011

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

California Honors Armenian Genocide Victims on 101st Anniversary

SACRAMENTO – A delegation of the Armenian Council of America (ACA) participated…

Pioneering Nagorno Karabakh Group Tour by British Company Angering Azerbaijan

Regent Holidays, a travel company located in Bristol, United Kingdom, is planning…

Leaked Documents Reveal Lavrov’s Proposals for Integrating Karabakh into Azerbaijan

STEPANAKERT — Tigran Petrosyan, head of an anti-crisis body affiliated with the…

European Court: Armenian Genocide Denial No Crime, Constitutes Freedom of Expression

STRASBOURG — The European Court of Human Rights (ECHR) ruled Dec. 17…