Կիրակի, Մայիս 15-ին Փասատինայի Հնչակեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Ս.Դ.Հ.Կ. Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի 14-րդ պատգամաւորական ժողովը, մասնակցութեամբ շրջանի մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորներուն: Սոյն ժողովին ներկայ էին նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեդրակ Աճէմեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկերներ` Վազգէն Գալթագճեան, Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան եւ կուսակցական այլ հիւրեր:

Կուսակցութեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Պատգամաւորական Ժողովը անցաւ իր օրակարգին: Ժողովականները իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերին օրակարգի մէջ նշուած հարցերու քննարկման, որոնք առաւելաբար կը վերաբերէին ներքին կազմակերպչական հարցերուն, ազգային-քաղաքական գործունէութեան արժեւորումին, ինչպէս նաեւ կուսակցութեանս հովանաւորութեան ներքեւ գործող տարբեր կառոյցներու աշխուժացումին եւ համագաղութային այլ խնդիրներուն:

Առաջադրուած բոլոր հարցերը քննարկուեցան կառուցողական ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ եւ առնուեցան համապատասխան որոշումներ` մշակելով յառաջիկայ շրջանի համար գործունէութեան նոր ծրագիրներ:

Պատգամաւորական ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ նոր Վարիչ Մարմնի ընտրութիւն, հետեւեալ կազմով` Լենա Մանուկեան, Գաբրիէլ Մոլոյեան, Թովմաս Եթերեան, Կէրի Սինանեան, Միհրան Խաչատուրեան, Սուրէն Խուտանեան, Վահէ Աջապահեան, Վազգէն Խոտանեան եւ Վարդան Քէօրողլեան: Ժողովը աւարտեցաւ ՙՏուր Ձեռքդ Ընկեր՚ կուսակցական մաղթերգով:

Նորընտիր Վարիչ Մարմինը, իր անդրանիկ նիստին, որուն ներկայ էր Պատգամաւորական ժողովի դիւանը, միաձայնութեամբ Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընտրեց ընկ. Վազգէն Խոտանեանը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Members of Congress Urge Governor Brown to Sign Legislation Requiring CalPERS and CalSTRS to Divest from Turkish Assets

WASHINGTON, DC – Today, Rep. Adam Schiff and eight colleagues in the California…

The Armenian Consulate General in Los Angeles Established Bonds of Cooperation With the State Of Utah

SALT LAKE CITY – The first official visit of Ambassador Armen Baibourtian,…

Syrian Mercenary Captured in Karabakh

STEPANAKERT — Artsakh Defense Army unites have captured a Syrian mercenary who…

Turkey Rejects EU Report for Mention of Armenian Genocide

BRUSSELS — Turkey’s Permanent Delegation to the EU rejected the European Parliament’s…