ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

Հայաստանի Երրորդ հանրապետութեան ստեղծման եւ անկախութեան քսանամեակի սեմին, գաղտնիք չէ այլեւս, թէ սփիւռքահայը կորսնցուցած է անկախութեան առաջին տարիներու շրջանին իր ապրած աննախընթաց խանդավառութիւնը եւ անակնկալ երջանկութեան երազային փորձառութիւնը։
Ազգային ողբերգութիւն է արդարեւ գիտակցիլ, թէ Եղեռնէն ճողոպրած զանգուածներու աշխարհասփիւռ տարտղնուած ժառանգորդներու, տասնամեակներու իրականացած երազ ու յուսացած ապաւէն՝ անկախ հայրենիքը, այսօր կորսնցուցած է իր քսանամեայ հմայքը եւ ողջամիտ ու անշահախնդիր հոգատարութեան կեդրոնը ըլլալու ուշադրութիւնը:
Ահաւո¯ր, ահաւոր ողբերգութիւն:
Կասկածէ վեր է, թէ դարաւոր հայրենիք, պապենական օճախ եւ մարդկային աներեւակայելի կորուստի փորձառութիւնը ապրած Սփիւռքը իր քաշքշուող գոյապատճառի եւ գոյապայքարի տրամաբանական եւ միակ բացատրելի կրակի ճարճատումը վառ պահած էր՝ ի՜ր իսկ երազած անկախ Հայաստանի մը իրականութեամբ։ Եւ այդ իրականութեան յոյսի խարիսխը հանդիսացած է անկասկած, նոյնինքն, պատմական Հայաստանէն փրկուած վերջին կռուան՝ Սովետական Հայաստանը։
Զարմանալի չէր, ուրեմն, հակառակ անակնկալին եւ հակառակ Սփիւռքի կամքէն ու ջանքերու հետեւողականութեան ծիրէն դուրս ստեղծուած անկախ հայրենիքի մը առթած գինարբուքի մթնոլորտը Սփիւռքահայութեան մասսաներու համատարած գիտակցութեան մէջ:
Աւելորդ եւ անօգտակար է այստեղ պատմականը ընել քսան տարիներու վստահութեան շարունակուող սայթաքումին, փաստը այն է սակայն թէ այսօր, մեծ թիւով հաւատաւոր հայորդիներ, որոնք ապրեցան անկախութեան վերոյիշեալ խրախճանքը, եթէ դուրս իսկ չեն ազգային մտահոգութեան բերդի պարիսպէն, ապա նուազագոյն պատնէշի վրայ են։
Չպիտի փափաքէինք այլոց անունով եւ կողմանէ յայտնութիւններ ընել։ Ճշմարտութիւնը սակայն մեզ կը մղէ համարձակիլ ըսելու, թէ երկրաշարժի ուժգնութիւնը ունեցող անակնկալ քայլեր՝ առնուած ամէնաազնիւ ոգիով լեցուն Սփիւռքահայ մեծահոգի հայորդիներու կողմէ, դժուար է հեռու պահել յուսահատութեան եւ յուսալքութեան կասկածանքի բացատրութենէն, որքան ալ անուղղակի աղբիւրներու կողմէ հերքուին անոնք։
Հրճուանքով եւ խոնարհութեամբ, եղած ըլլալով հայրենիքի ծառայութեան դաշտին մէջ, ապրած եմ մեր ժողովուրդի զաւակներու զոհաբերող ոգիին, անանձնասէր սիրոյն եւ ինքնագոհ մատուցումի սաւառնող ալիքներուն վրայ։ Ամէնօրեայ հայ կեանքի շօշափելի կապերու իբրեւ արդիւնք, ցաւով պէտք է հաստատել, թէ այդ երանելի ալիքները այսօր ծովափի վրայ պղպջակներու վերածուած՝ անյայտ կը փշրուին։
Ամբաստանեալ փնտռելու մղումէն տառապող փորձ մը չէ սրտի խորերէն բխած այս անդոհանքը։ Բոլորս ենք պատասխանատու եւ բոլորս ենք հաշուետու։ Հայրենի իշխանութիւններէն սկսած մինչեւ վերջին սփիւռքահայը։ Եւ ես վստահ եմ, որ երկուստեք սակաւաթիւ չեն անոնք, որոնք կը տառապին այս անբաղձալի կացութենէն։
Հայ ժողովուրդի երկու թեւերուն մէջ ալ հանճարեղ, փորձառու, բազմատաղանդ, զարգացած, ազնիւ եւ բազմաթիւ մարզերու մէջ գերկարողութեան տէր զաւակներու շարանը արհամարհելի թիւ մը չէ։ Առ այդ, մեր նորանկախ հայրենիքը ունէր երաշխիքը եւ ներոյժը՝ կանգնած այդ ուժերու կարողականութեան պատուանդանին վրայ՝ ըլլալու քաղաքակիրթ եւ զարգացած, աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւող յառաջադէմ փոքր հանրապետութիւններէն մին։ Փոխարէն՝ յետ անկախութեան Հայաստանը ուղղուեցաւ դէպի ետ՝ հանդիսանալու միջին դարերու աւատապետական էութիւններէն մին, ստրկացնելով հայրենի ժողովուրդը քաղաքականապէս, տնտեսապէս եւ ընկերային դասակարգերու ակնյայտ բաժանումով։
Տակաւ առ տակաւ, Շարայի որկորները փայփայող տիրական խաւ մը ապօրինի միջոցներով, զեղծարարութեամբ եւ բռնութեամբ, մեր երկիրը հասցուցած է յուսահատութեան գիրկը։ Օրէնքի իշխանութեան կամայապաշտ ենթարկումով, արդար եւ ազատ մրցակցութեան անձնամոլ բացառումով, հեռատեսիլի ազատ կայաններու կոպիտ կաշկանդումով, քաղաքական ընդդիմադիրներու քմահաճ կալանաւորումով ու զգայացունց ոճիրներու ամօթալի քօղարկումով, գոռոզ ՙտղամարդերուՙ փոքրոգի խաւ մը ստրկացուցած է ամբողջական հայութեան պատկանող պատմական հայրենիքի երկնուած հողը՝ զայն վերածելով աւանդապահ տարածքի մը։
Եւ հակառակ այս հոլովոյթին, մղուած մեր նահատակներու սրբազան կտակներէն ու հաւատալով, որ Ցեղասպանութեան խաչելութեան յաջորդող յարութեան մխիթարանքն է սրբազան մեր հայրենիքի անկախացած այս տարածքը՝ Սփիւռքահայը մինչեւ այսօր շարունակած է նպաստել հայրենիքի հզօրացման վեհ աշխատանքին, գիտակցօրէն անտեսելով կուտակուած եւ պարտադրուած անարդարութիւնն ու տիրող անձնապաշտ կարգերը։
Հայրենասիրութեան այս մակարդակի պարզամտութիւնը, սակայն, այլեւս սպառնալիք է մեր ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայրենիքի ապահովութեան ու ապագային։
Ինքնախաբութիւն է Սփիւռքի լռութեան եւ ՚աչկապուկՙի քաղաքականութիւնը՝ քաղաքավարութեան սիրոյն եւ յարգանքի պիտակին տակ։ Եթէ ուշ չէ, ժամանակն է զարթնելու մեզի սպառնացող վտանգներուն դիմաց եւ գիտակցելու, թէ արմատական փոփոխութիւններու բացակայութեան պարագային, Միջին Արեւելքի մէջ ժայթքող ժողովրդային յեղափոխութեան ալիքը երկրագունդի տարածութեան վրայ արդեօք չ՛ուղղուի՞ր ամէն կողմ, որ անկ է։
Ամէն գնով պէտք է հեռու մնալ այդ ալիքներու աննախատեսելի հետեւանքներէն։
Ջերմ հայրենասիրութիւնը իմաստազուրկ է առանց զուգընթաց խղճամիտ, արդար, անհրաժեշտ եւ խիզախ քննադատութեան եւ արմատական փոփոխութիւններու ղօղանջող պահանջին։
Մեր հայրենիքը վեր պահենք մեր հաւաքական սիրոյ մատուցումի բագինէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

To Donate Or Not To Donate? White Paper on “Hayastan” All-Armenian Fund – PART II

White Paper on “Hayastan” All-Armenian Fund PART II By Ara K. Manoogian…

Congressman Adam Schiff Urges President Obama to Acknowledge the Armenian Genocide

In a letter to the President of the United States, Congressman Adam…

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԹՈՂՈՒՄՆԵՐԸ

ՏՕՔԹ. ԱՐՇԱԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ “ՄԱՍԻՍ” Շաբաթաթերթ Մինչ կը սպասուէր ՄԱԿի գլխաւոր նստաշրջանի կայացումը…

Robert Fisk: New light on an Old Horror – and Still There is no Justice

On Wednesday morning, 14 April 1909, British Vice Consul Major Charles Doughty-Wylie…