Կիրակի, Փետրուարի 27-ին, 2011, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Պէվըրլի Հիլզի “Հիլթըն” պանդոկի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 6-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւնը կազմակերպութեամբ` “Մուսթաքպալ” շարժումի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին:
Այս առթիւ որպէս գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր Լիբանանահայ նախարար Տիար Ժան Օղասաբեան:
Հարաւային Գալիֆորնիոյ տարբեր շրջաններէ ժամանած բազմահարիւր հրաւիրեալներ եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու Լիբանանցի մեծ հայրենասէրին:
Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի հիւպատոսուհի` Տիկ. Մատոնա Աուն-Ղազալ, Շէրիֆ Լի Պաքայի ներկայացուցիչ` հրամանատար Կէրի Նալպանտեան, իսլամ եւ քրիստոնեայ յարանուանութեանց, ինչպէս նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Քաթայէպներու, “Լիբանանեան Ուժերու” եւ այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Լիբանանի, ԱՄՆ-ի, Գալիֆորնիոյ եւ “Մուսթաքպալ”-ի դրօշներով զարդարուած բեմին երկու կողմերուն վրայ կը տեսնուէին նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի եւ իր որդւոյն Սաատ Հարիրիի մեծադիր լուսանկարները:
ԱՄՆ-ի եւ Լիբանանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակը:
Ռաֆիք Հարիրիի տեսլականին եւ Լիբանանի գերիշխանութեան պահպանման ու յառաջդիմութեան համար տարած անփոխարինելի ծառայութեանց համար դրուատական խօսքերով հանդէս եկան Լիբանանի հիւպատոսուհի Տիկ. Մատոնա Աուն-Ղազալ, դատաւոր Ճէյմս Գալտէրօն, Շէրիֆ Լի Պաքայի ներկայացուցիչ հրամանատար Կէրի Նալպանտեան, ՚Լիբանանեան Ուժերուՙ ներկայացուցիչ Ճէմիլ Էլ Արապ, Քաթայէպ կուսակցութեան Լոս Անճելըսի ներկայացուցիչ` Ֆէտի Գուրդա, ՍԴՀԿ անունով Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան եւ ապա գլխաւոր բանախօս` նախարար Ժան Օղասաբեան:
Բոլոր ելոյթ ունեցողները խստիւ դատապարտեցին “Մարտ 8-ի” ուժերու քայքայիչ ծրագիրն եւ Լիբանանը Իրանի մէկ նահանգի վերածելու միտումները: Անոնք միաժամանակ պահանջեցին ապօրէն զէնքերու տարածման խափանումն ու Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանի որոշումներու բացայայտումն ու գործադրութիւնը:

ԸՆԿ. ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՐԱՖԵԱՆի ԵԼՈՅԹԸ
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ խօսք առնելով Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան ըսաւ.
“Վեց տարիներ առաջ, մութ ուժերու կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուած սարսափի ալիքին զոհը դարձան Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին եւ իր գործընկերները: Արդարեւ, ահաբեկելով առաջնորդին, այդ ուժերը կ’ակնկալէին, որ սպաննած պիտի ըլլան նաեւ անոր` իրապէս ազատ, անկախ ու բարգաւաճ Լիբանանի մը տեսլականը: Սակայն, անոնք չհասկցան ու չըմբռնեցին, որ այդ տեսլականը, սոսկ անհատի մը չէր պատկանէր, այլ իւրաքանչիւր ազատատենչ Լիբանանցիի երազն էր:
Փորձեցին երազը սպաննել, փոխարէնը ստանալով Մայրիներու յեղափոխութիւնը:
Ճակատագրական է պահը այսօր Լիբանանի մէջ, ուր յստակ բաժանում կայ կողմերու միջեւ: Մէկը կը մերժէ արդարութիւնն ու երկրի անկախութիւնը ստորադասել, շինծու միասնականութեան ու անդորրութեան, իսկ միւսը ամէն ջանք կը գործադրէ ուրանալու արդարութիւնը եւ պատրաստ է ծառայելու իր օտար տէրերուն:
Այսօր, երբ ականատես կ’ըլլանք թէ ինչպէս մէկը միւսի ետեւէն արաբական երկիրներու մէջ ժողովուրդը կը ծառանայ երկարամեայ բռնատիրութեան, ճնշումներու եւ կաշառակերութեան դէմ, կարելի չէ թոյլ տալ, որ արաբական աշխարհի ժողովրդավարութեան ջահը հանդիսացող Լիբանանը` դառնայ արբանեակ նահանգը կրօնապետութեան մը, որ նոյնքան բռնատէր ու յետադիմական է, որքան յաջորդաբար երկրագունդի երեսէն վերացող այդ վարչակարգերը:
Ճշմարտութիւնն ու Արդարութիւնը ամէն բանէ վեր են եւ չեն կրնար ենթակայ ըլլալ քաղաքական շահարկումներու: Եթէ արդարութիւնը չյաղթանակէ, ապա անոնք, որոնք սպաննեցին Ռաֆիք Հարիրին, նոյն ընթացքով պիտի շարունակեն ու ի զուր հոսած պիտի ըլլայ հերոսներու արիւնը: Արդարութիւնը քննարկման ենթակայ չէ:
Արդարութիւնը չի կրնար արծարծուիլ կլոր սեղաններու շուրջ, կամ փակ դռներու ետին: Արդարութեան բացայայտման միակ վայրը դատարանն է, ուր մեղադրեալը կատարեալ իրաւունքը ունի ինքզինք պաշտպանելու: Հետեւաբար, կը դատապարտենք Միջազգային դատարանը վարկաբեկելու ամէն մէկ փորձ որ կը միտի խափանելու ճշմարտութիւնը:
Առ այդ` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Մարտ 14-ի համախմբման զինակիցներուն հետ միատեղ, կը շարունակէ պայքարիլ յանուն արդարութեան, առանց ընկրկելու, անվարան եւ այն յստակ համոզումով, որ պիտի գայ այն օրը, երբ Լիբանան կրկին պիտի յայտնուի ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ բարգաւաճման ուղիին վրայ”:

ԺԱՆ ՕՂԱՍԱԲԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ եւ պետական նախարար` Ժան Օղասաբեան: Ան նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց որ այս երկրորդ անգամն ըլլալով կը գտնուի Լոս Անճելըս, ոգեկոչելու մեծ նահատակի յիշատակը: Այնուհետեւ համապարփակ վերլուծականն ընելով շրջանի քաղաքական կացութեան Ժան Օղասաբեան յարեց. “Լիբանան անկախութեան խորհրդանիշն էր: Ջահը տակաւին բոցավառ կը մնայ: Իսկ մենք կը մնանք մեր ուխտին վրայ եւ նահանջ չենք ճանչնար…: Մեր երթը կը շարունակուի”:
“Հակառակորդներուն նպատակն է դիմափոխել Լիբանանը եւ զայն վերածել կղզիացած երկրի մը¿ այլ խօսքով նահանգային շրջանի մը”:
Խօսելով միջազգային ատեանի մասին յարգելի բանախօսը ըսաւ թէ ատիկա հանգրուան մըն է սահմանափակելու ոճիրները եւ շեշտեց որ արդարութիւնը պէտք է յաղթանակէ:
Գալով բնակչութեան մէկ մասին առատօրէն զէնք ստանալուն` Օղասաբեանն ընդգծեց. “Չենք ուզեր ոչ մէկ զէնք ու զինամթերք, բացի` Լիբանանեան զէնքէն: Այլապէս ամէն ինչ ապօրինի կը նկատուի”:
Լիբանանի նոր դահլիճի կազմութեան խոչընդոտներուն մասին անդրադառնալով յարեց. “Ներկայիս կը պատրաստուի սեւ յեղափոխութիւն մը մութ ուժերու կողմէ արգելք հանդիսանալու նոր կառավարութեան կազմութեան ու դեմոկրատական ազատութեանց”:
“Կեղծ վկաներու թղթածրար”-ի հարցին մասին իր տեսակէտը յայտնելով ըսաւ թէ ատիկա կը նպատակադրէ վիժեցնել միջազգային ատեանի որոշումները:
Եզրափակելով իր ելոյթը Պր. Ժ. Օղասաբեան աւելցուց հետեւեալը “Վերադարձ Մարտ 14ի սկզբունքներուն եւ արմատներուն եւ դեմոկրատական կանոններուն”:
Ո’չ ահաբեկչութիւններուն: Չենք լքեր Թաէֆի սկզբունքները:
Ո’չ ապօրէն զէնքերուն: Այո° Լիբանանեան բանակի զէնքերուն:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Նոյն օրը երեկոյան, նախարար Ժան Օղասաբեան այցելեց Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Փասատինայի կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան եւ Վարիչ Մարմինի անդամներուն կողմէ: Ներկայ էին նաեւ Կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող տարբեր միաւորներու ներկայացուցիչները:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վազգէն Խոտանեան, յայտնելով թէ հպարտ ենք Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ նախարար Օղասաբեանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեամբ:
Իր պատասխան ելոյթին մէջ հայազգի նախարարը անդրադարձաւ Հնչակեան Կուսակցութեան հետ իր ունեցած սերտ յարաբերութեան` օգուտ Լիբանանահայութեան եւ ամբողջ Լիբանանին:
Յայտնենք որ, Շաբաթ Փետրուարի 26-ին Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւնը այցելած էր Պետական նախարար եւ Խորհրդարանի անդամ Ժան Օղասաբեանին:
Սոյն հանդիպման ընթացքին յարգարժան նախարարը շահեկան տեղեկութիւններ տուաւ Լիբանանի եւ տարածաշրջանի քաղաքական յարափոփոխ իրավիճակի, Լիբանանի Դահլիճի կազմութեան դժուարութիւններուն եւ հայ գաղութի այժմու իրավիճակի մասին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Parliament of Spanish Autonomous Community of Navarre Recognizes Armenian Genocide

NAVARRE — As a result of several study visits organised by EuFoA…

Participation in Shushi Event Will Damage UN’s Reputation: Artsakh Foreign Ministry

STEPANAKERT — The Artsakh (Nagorno-Karabakh) Foreign Ministry issued a statement in connection…

Bulgarian Reporter Demands UN-Led Investigation Over Aliyev’s International Crimes

YEREVAN (Armenpress) — Former reporter of Bulgarian Trud daily Dilyana Gaytandzhieva who…

Turkey Declares Bundestag’s Armenian Genocide Bill \”Null and Void\”, Recalls Ambassador

ANKARA — The Turkish government has described the Bundestag’s approval of the…